2009-02-17 13:30:52

2009 տարին Երիտասարդութեան տարի` հայ երիտասարդութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներումաց


2009 տարին Երիտասարդութեան տարի` հայ երիտասարդութիւնը երեք լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց. հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորման, հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորման ներկայութիւն, սփիւռքի մէջ հայ մնալը պէտք է նկատէ ամէնօրեայ պայքար։

Առաջին, հայ երիտասարդը կարիքը ունի հոգեմտաւոր առողջ կազմաւորման։ Հայակերտումը հէնքը կը կազմէ երիտասարդին ինքնութեան գիտակից զարգացման։ Առանց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան ու հոգեմտաւոր կազմաւորման՝ հայ երիտասարդին ինքնաճանաչումը պիտի ըլլայ անորոշ, եւ ան աշխարհի բոլոր անկիւններէն փչող հովերուն դիմաց պիտի կորսնցնէ իր կեանքին յստակ ուղղութիւնը։ Հայ երիտասարդին հայեցի կազմաւորումը տեղի կունենայ հայ դպրոցէն ներս։ Իսկ հայ դպրոցի բացակայութեան՝ կրկնակի դեր ունին ընտանիքն ու եկեղեցին։ Հետեւաբար, հայոց պատմութեան ճանաչումը եւ մեր կրօնական, ազգային, բարոյական ու մշակութային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն փոխանցումը նոր սերունդին՝ պէտք է նկատուի առաջնահերթ պարտաւորութիւն՝ ընտանիքին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ համար։ Արդարեւ, հոգեւոր ու հայեցի առողջ դաստիարակութիւն ունեցող հայ երիտասարդը վստահաբար հեռու պիտի մնայ ներկայ ընկերութիւնը շրջապատող բարոյական ու ընկերային ախտերէ։



Երկրորդ, հայ երիտասարդը իր կեանքին մէջ ազգայինը ու միջազգայինը պէտք է վերածէ ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած ներկայութեան։ Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր այլեւս գոյութիւն չունին սահմաններ, միջոցներ, տարածութիւններ ու տարբերութիւններ, ուր ընկերութիւններ կընթանան դէպի հաւաքական մէկ ամբողջութիւն՝ հաւաքական մէկ մշակոյթով ու ընկերատնտեսական դրութեամբ արտայայտուող, դժբախտաբար ազգայինը սկսած է տեղի տալ համամարդկայինին դիմաց։ Չենք կրնար թումբ կանգնել համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դէմ։ Անհրաժեշտ է իրապաշտ ու քննական երկխօսութիւն ունենալ անոր հետ։ Արդ, ներկայ աշխարհի իրականութեան մաս կազմող հայ երիտասարդը կոչուած է թէ՛ ազգայինին կառչիլ եւ թէ՛ միջազգայինին բացուիլ։ Ան իրաւունք չունի մէկը կամ միւսը անտեսելու կամ իրարու հակադրելու։ Երկուքն ալ անհրաժեշտ են։ Ճի՛շդ է, դժուար է երկուքը պահելը միաժամանակ, նախընտրութիւն կատարելը թերեւս աւելի դիւրին է։ Սակայն նման մօտեցում կամ հայ երիտասարդը պիտի հեռացնէ ներկայ աշխարհէն եւ կամ հայ կեանքէն։ Գիտակից հայ երիտասարդէն կը սպասուի իր կեանքին մէջ զիրար ամբողջացնող ներկայութիւն դարձնել ազգայինը ու միջազգայինը։ Հայ երիտասարդի կեանքէն ներս այս երկու տարածքներուն ներդաշնակ ներկայութիւնը նաե՛ւ պիտի հարստացնէ մեր հաւաքական կեանքը։



Երրորդ, հայ երիտասարդը սփիւռքի մէջ հայ մնալը պէտք է նկատէ ամէնօրեայ պայքար։ Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ հայը որոշեց հա՛յ մնալ՝ ի գին ամէն զոհողութեան։ Մեզ հայութենէն հեռացնող ազդակները այսօր բազմազան են ու այլազան. եւ հայ երիտասարդը մնայուն կերպով ենթակայ է նման պայմաններու անմիջական ազդեցութեան։ Արդարեւ, օտար դպրոցներու ջամբած դաստիարակութիւնը, խառն ամուսնութիւնները, տնտեսական պատճառներով օտար շրջանակներու մէջ ապրիլը, եւ այլ գործնական պատճառներ, որոնք դժբախտաբար լայն ծաւալ ստացած են վերջին տասնամեակին, յաճախ, կամայ թէ ակամայ, հայ երիտասարդը հեռու կը պահեն հայկական միջավայրէն։ Հո՛ս է, որ հայ երիտասարդը կոչուած է իր արմատներուն ամրօրէն կառչելու։ Հայութիւնը ո՛չ սոսկ ժառանգական կապ է, ո՛չ զգացական վիճակ, այլ էապէս՝ կապուածութիւն մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, հաւատարմութիւն մեր ինքնութեան ու մասնակցութիւն մեր հաւաքական կեանքին։ Ի՞նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի հայ երիտասարդը, ան պէտք է իր հայութիւնը ապրի ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.